Ամսուան Յօդուածը![]()
«Մարգարէն» առաջին անգամ կը գրուի արաբերէնով, երբ դեռ Ժպրան կը յաճախէր Լիբանանի Էշրեֆիէի Սաժես քոլէճը: Նախնական տարբերակը բոլորովին տարբեր յղացումով մը գրուած էր եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր այսօրուան «Մարգարէն» գիրքին հետ: Բացի ատկէ, անիկա չէր մշակուած ու յաւելեալ ժամանակի կը կարօտէր բիւրեղանալու համար: Երբ 1908-ին Փարիզ կ'երթայ ուսանելու, ան կը վերընթերցէ ձեռագիրը ու կ'որոշէ վերամշակել զայն: Սակայն, տակաւին «անոր ժամանակը չէր եկած»: 1912-1918 տարիներուն, այս գործը կը սկսի քիչ-քիչ ստանալ այսօրուան տեսքը ու արդէն անգլերէնով կը հրատարակուի քանի մը տարի ետք․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք![]()
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 12 566-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը![]() |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 12 566 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝